2017-08-24 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը. ''Մարդիկը` յուսալու համար կարիքը ունին Սուրբ Հոգիին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Մարդիկը` ապրելու համար կարիքը ունին յոյսի եւ յուսալու համար կարիքը ունին Սուրբ Հոգիին։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հինգշաբթի 24 օգոստոսին հրապարակած թուիթին պարունակութիւնը ուր Ան դարձեալ ընդգծեց յոյսին կարեւորութիւնը ու յատկապէս Քրիստոնէական յոյսին իւրայատկութիւնը որ կը բխի Սուրբ Հոգիէն։ Արդարեւ Սրբազան Պապը այս տարի որպէս հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան կեդրոնական նիւթ ընտրած է Քրիստոնէական Յոյսը որուն մասին ամէն չորեքշաբթի կը ներկայացնէ մտածական մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.